ԾԱՆՕԹԱՑԷՔ ՄԵՐ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒՆ
Մեր առաջին երկու հրատարակութիւնները Քարեն Չթճեան Բրեսդիի եւ Թամար Մարի Պօյաճեանի գործերն են։ Այս հեղինակներուն վէպերը պատանի ընթերցողներուն կը ներկայացնեն տարբեր, բայց նոյնքան հետաքրքրաշարժ աշխարհներ։
Քարեն Չթճեան Բրեսդի [KARENN]
Օտար Արան, Քարենին՝ Արփի Հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսած առաջին գիրքը, կը շօշափէ երկու պատանիներու կեանքերը բնորոշող ինքնութեան եւ պատկանելիութեան թեմաներ։ Գրեթէ ամէն հինգերորդ-դասարանցիի պէս, Արան անձկութիւն կը զգայ վերամուտի նկատմամբ։ Բայց ի տարբերութիւն իր տարեկիցներուն, Արան սխալ դպրոցը եկած է։
Տեսնելով որ մանկապարտէզէն ի վեր իր յաճախած դպրոցը ճափոներէնի թեքումով դպրոցի վերածուած է, ան ամբողջ էութեամբ կը բաղձայ հայկական իր դպրոցը վերադառնալ, բայց ծնողքին ամուսնալուծումն ու նախկին դպրոցին նոր վայրը անկարելի կը դարձնեն փափաքը։ Իր հին դասընկերուհիին՝ Աստղիկին հետ, Արան կը ջանայ վարժուիլ այս տարօրինակ կացութեան, ուր ուսուցիչին ըսածներէն բառ մը իսկ չի հասկնար։
Նման շրջապատի մը մէջ, ինչպէ՞ս Արան եւ Աստղիկը պատկանելիութեան զգացում մը պիտի գտնեն։
Վահագնի Արարողութիւնը Թամարին՝ Արփի Հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսած անդրանիկ հատորն է։
Վահագնի Արարողութիւնը առաջին գիրքն է Մէփէն ու Վիշապը դիւցազներգական վիպաշարին։ Երբ սրբազան թագադրութեան մը արարողութիւնը յանկարծ քաոսի կը վերածուի, պատանի հերոսներու խումբ մը կը ձեռնարկէ վտանգաւոր առաքելութեան մը՝ իշխանուհին փրկելու եւ ահարկու վիշապին դէմ պայքարելու համար։
Սակայն շուտով անոնք կը հասկնան, որ շատ աւելի մեծ վտանգի մը դէմ յանդիման կը գտնուին։ Գաղտնի դաւադրութիւն մը կը սպառնայ կործանել իրենց աշխարհը, եւ անոնք պէտք է քաջութեամբ ու միասնաբար պայքարին՝ աղէտը կանխելու համար։
Աւետիս Հաճեան [AVEDIS]
Աւետիսին առաջին գիրքը Արփի Հրատարակչատան համար պիտի ըլլայ վէպ մը երեք գերիներու մասին, որոնք կը յայտնուին Իտալիա՝ Վենետիկի պատմական նաւարանը՝ Արսէնալէն, միջնադարեան նաւու մը մէջ։
Գերիներուն խօսած անհասկնալի լեզուն եւ Կաթողիկոսէն խորհրդաւոր նամակ մը, որ կը կրեն եւ պէտք է յանձնեն Պապին, կը զարմացնեն ոստիկանութիւնն ու մասնագէտները, զիրենք մղելով դիմել Սուրբ Ղազարի Հայոց Կղզիի Հայր Խաչատուրին, որ առեղծուածը լուծելու օգնէ։
Լեռնա Սէլէքման Գարագիւթիւք [LERNA]
Լեռնային՝ Արփի Հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսնելիք առաջին գիրքին հերոսն է Փաթիլը, երիտասարդուհի մը, որ կ՚անցնի մեծ քաղաքի կեանքի բովերէն։
Փաթիլը կը հասկնայ որ առանց ուսման տեղ մը պիտի չհասնի, եւ ըստ այնմ կը սկսի այդ ճամբուն վրայ քայլեր նետել: Մերթ կը սայթաքի, մերթ կը վերականգնի, սակայն միշտ գիտակից ու հաւասառակշռուած կերպով կը մօտենայ իր յարաբերութիւններուն, եւ պարկեշտօրէն կը մօտենայ իր ընկերներուն ու իր առջեւ ծառացած խնդիրներուն, ջանալով ճիշդ որոշումները առնել։
Իշխան Ճինպաշեանը հեղինակն է Արխիւ Հասնումի վէպին եւ Ձեռքի Խաղ խորագրով պատմուածքներու հաւաքածոյին։
Ան նաեւ գրական թարգմանիչ է. թարգմանած է աւելի քան 25 հատոր։ Արփի Հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսնելիք Իշխանին առաջին գիրքը պիտի ըլլայ պատանիներու համար վէպ մը։ Պիտի ըսէ պատմութիւնը 17 տարեկան Լոս Անճելըսցի տղու մը, որ անհամբեր է դուրս գալու իր համայնքի սահմաններէն՝ աշխարհը փորձընկալելու – եւ թերեւս նոյնիսկ օգնել փոխելու զայն։
