ԾԱՆՕԹԱՑԷՔ ՄԵՐ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒՆ

Ծանօթացէք այն գրողներուն, որոնց ինքնագիր ստեղծագործութիւնները կ՚օգնեն նոր շունչ բերել արեւմտահայ գրականութեան։

Մեր առաջին երկու հրատարակութիւնները Քարեն Չթճեան Բրեսդիի եւ Թամար Մարի Պօյաճեանի գործերն են։ Այս հեղինակներուն վէպերը պատանի ընթերցողներուն կը ներկայացնեն տարբեր, բայց նոյնքան հետաքրքրաշարժ աշխարհներ։

ՄԵՐ ԳԻՐՔԵՐԸ
Կարեն Պրեստի

Քարեն Չթճեան Բրեսդի [KARENN]

Դոկտ. Քարեն Չթճեան Բրեսդիին հետաքրքրութիւնն ու սէրը՝ երաժշտութեան եւ հայերէն լեզուին հանդէպ, ծնունդ տուած են 2017-ի Առաջին Երգարանս իր գիրքին ու արձանագրութեան, նաեւ՝ 2019-ին հրատարակուած, նախակրթարանի պզտիկներու հայերէն վիպակին ու խօսուն գիրքին՝ Աստղիկը Կ՚ուզէ Արագ Մեծնալ, որ արժանացած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նեցուկին եւ Թէօլէօլեան Մրցանակին (2021)։ Ան աշխատած է իբր դաշնակահար, երաժշտութեան դասախօս, եւ լեզուներու ուսուցիչ՝ UCLA-ի, USC-ի, եւ Միւնիխի Միջազգային Բարձրագոյն Հիմնարկին մօտ։

Օտար Արան, Քարենին՝ Արփի Հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսած առաջին գիրքը, կը շօշափէ երկու պատանիներու կեանքերը բնորոշող ինքնութեան եւ պատկանելիութեան թեմաներ։ Գրեթէ ամէն հինգերորդ-դասարանցիի պէս, Արան անձկութիւն կը զգայ վերամուտի նկատմամբ։ Բայց ի տարբերութիւն իր տարեկիցներուն, Արան սխալ դպրոցը եկած է։

Տեսնելով որ մանկապարտէզէն ի վեր իր յաճախած դպրոցը ճափոներէնի թեքումով դպրոցի վերածուած է, ան ամբողջ էութեամբ կը բաղձայ հայկական իր դպրոցը վերադառնալ, բայց ծնողքին ամուսնալուծումն ու նախկին դպրոցին նոր վայրը անկարելի կը դարձնեն փափաքը։ Իր հին դասընկերուհիին՝ Աստղիկին հետ, Արան կը ջանայ վարժուիլ այս տարօրինակ կացութեան, ուր ուսուցիչին ըսածներէն բառ մը իսկ չի հասկնար։

Նման շրջապատի մը մէջ, ինչպէ՞ս Արան եւ Աստղիկը պատկանելիութեան զգացում մը պիտի գտնեն։

Թամար Մարի Պօյաճեան [TAMAR]
Դոկտ. Թամար Մարի Պօյաճեանը հեղինակ, թարգմանիչ, եւ խմբագիր է։ Ան կը դասաւանդէ ու կը գրէ նախա-արդի միջերկրականեան աշխարհին մասին, վտանգուած լեզուներու եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի գրական կիրարկման, պահպանման եւ թարգմանութեան մասին, ինչպէս նաեւ հայ գրական պատմութեան մէջ կին գրողներու դերին մասին։

Վահագնի Արարողութիւնը Թամարին՝ Արփի Հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսած անդրանիկ հատորն է։

Վահագնի Արարողութիւնը առաջին գիրքն է Մէփէն ու Վիշապը դիւցազներգական վիպաշարին։ Երբ սրբազան թագադրութեան մը արարողութիւնը յանկարծ քաոսի կը վերածուի, պատանի հերոսներու խումբ մը կը ձեռնարկէ վտանգաւոր առաքելութեան մը՝ իշխանուհին փրկելու եւ ահարկու վիշապին դէմ պայքարելու համար։

Սակայն շուտով անոնք կը հասկնան, որ շատ աւելի մեծ վտանգի մը դէմ յանդիման կը գտնուին։ Գաղտնի դաւադրութիւն մը կը սպառնայ կործանել իրենց աշխարհը, եւ անոնք պէտք է քաջութեամբ ու միասնաբար պայքարին՝ աղէտը կանխելու համար։

Tamar
Avedis Hadjian

Աւետիս Հաճեան [AVEDIS]

Աւետիս Հաճեանը գրող եւ լրագրող է։ Ան որպէս խմբագիր աշխատած է Պուէնոս Այրէսի La Prensa օրաթերթին համար, ապա աշխատակցած է CNN-ին, Bloomberg News-ին, եւ The Wall Street Journal-ին։ Աւետիսին գրութիւնները լոյս տեսած են Los Angeles Times-ի, International Business Times-ի, Le Monde Diplomatique-ի, եւ The Christian Science Monitor-ի մէջ։ Ան հեղինակն է նաեւ Secret Nation: The Hidden Armenians of Turkey հատորին՝ բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ տակաւին ապրող հայերուն մասին։

Աւետիսին առաջին գիրքը Արփի Հրատարակչատան համար պիտի ըլլայ վէպ մը երեք գերիներու մասին, որոնք կը յայտնուին Իտալիա՝ Վենետիկի պատմական նաւարանը՝ Արսէնալէն, միջնադարեան նաւու մը մէջ։

Գերիներուն խօսած անհասկնալի լեզուն եւ Կաթողիկոսէն խորհրդաւոր նամակ մը, որ կը կրեն եւ պէտք է յանձնեն Պապին, կը զարմացնեն ոստիկանութիւնն ու մասնագէտները, զիրենք մղելով դիմել Սուրբ Ղազարի Հայոց Կղզիի Հայր Խաչատուրին, որ առեղծուածը լուծելու օգնէ։

Լեռնա Սէլէքման Գարագիւթիւք [LERNA]

Լեռնա Սէլէքման Գարագիւթիւքը գրած է բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, եւ հեքիաթներ, համահեղինակած է դասագիրք մը եւ Ոզնիկ խորագրով մանկական զուարճապատումներու գիրք մը, ինչպէս նաեւ իր ներդրումը բերած է հէքեաթներու զանազան ժողովածուներու պատրաստութեան։ Լեռնային բանաստեղծական գործերէն են Երթաս Բարով, Ան Է որ Կայ, եւ Ձայներ հատորները։ Ան նաեւ հեղինակն է Դպրոցի Ճամբուն Վրայ եւ Շուշանիկը եւ Պոչիկը մանկապատանեկան հատորներուն։ Ներկայիս կը դասաւանդէ Պոլսոյ Տատեան Վարժարանէն ներս ։

Լեռնային՝ Արփի Հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսնելիք առաջին գիրքին հերոսն է Փաթիլը, երիտասարդուհի մը, որ կ՚անցնի մեծ քաղաքի կեանքի բովերէն։

Փաթիլը կը հասկնայ որ առանց ուսման տեղ մը պիտի չհասնի, եւ ըստ այնմ կը սկսի այդ ճամբուն վրայ քայլեր նետել: Մերթ կը սայթաքի, մերթ կը վերականգնի, սակայն միշտ գիտակից ու հաւասառակշռուած կերպով կը մօտենայ իր յարաբերութիւններուն, եւ պարկեշտօրէն կը մօտենայ իր ընկերներուն ու իր առջեւ ծառացած խնդիրներուն, ջանալով ճիշդ որոշումները առնել։

Avedis Hadjian
ԻՇԽԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Իշխան Ճինպաշեանը հեղինակն է Արխիւ Հասնումի վէպին եւ Ձեռքի Խաղ խորագրով պատմուածքներու հաւաքածոյին։

Ան նաեւ գրական թարգմանիչ է. թարգմանած է աւելի քան 25 հատոր։ Արփի Հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսնելիք Իշխանին առաջին գիրքը պիտի ըլլայ պատանիներու համար վէպ մը։ Պիտի ըսէ պատմութիւնը 17 տարեկան Լոս Անճելըսցի տղու մը, որ անհամբեր է դուրս գալու իր համայնքի սահմաններէն՝ աշխարհը փորձընկալելու – եւ թերեւս նոյնիսկ օգնել փոխելու զայն։