ԾԱՆՕԹԱՑԷՔ

Մեր հեղինակներուն
եւ նկարազարդողներուն

Մեր գիրքերը ներկայիս նախապատրաստական փուլի մէջ են։ Հոս կրնաք կարդալ հեղինակներու ու նկարազարդողներու մեր անդրանիկ խումբին մասին։

ՄԵՐ ԳԻՐՔԵՐԸ
ԱՐՓԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Արփի Հրատարակչատան գլխաւոր գործադիր տնօրէն ու Քալիֆորնիաբնակ գեղանկարիչ Արփի Գրիգորեանը էութեամբ նուիրուած է հայ մշակոյթի բերկրանքին, գոյնին, ու գեղեցկութեան արտայայտման։

Ան ստեղծագործական աշխատանքի սկսած է Nickelodeon Animation Studios ընկերութեան մէջ, որպէս արուեստագէտներու կազմի անդամ, աշխատելով գլխաւորաբար Angry Beavers ծրագրին վրայ։

Իր վրձինին յատուկ տոհմիկ տիպարներ ստեղծելու եւ հայ մշակութային ժառանգը տեսողականօրէն զուարթ ստեղծագործութիւններով ներկայացնելու նպատակով, Արփին 2015 թուականին ձեռնարկած է իր սեփական ստեղծագործութիւններու արտադրութեան: Այսօր Արփի Գրիգորեանը հանրածանօթ է իր հայաշունչ կերպարներով, որոնք կը յատկանշուին իրենց նրբօրէն պատկերուած հայ աւանդական տարազներով ու նախշերով։

Արփիին ստեղծագործութիւնները 2018-19 թուականներուն ցուցադրուեցան Metropolitan Museum of Art թանգարանը, ARMENIA! ցուցահանդէսին։

Արփի Հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսած Արփիին առաջին հատորը պիտի ըլլայ պատկերագիրք մը՝:

ԻՇԽԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Իշխան Ճինպաշեանը հեղինակն է Արխիւ Հասնումի վէպին եւ Ձեռքի Խաղ խորագրով պատմուածքներու հաւաքածոյին։

Ան նաեւ գրական թարգմանիչ է. թարգմանած է աւելի քան 25 հատոր։ Արփի Հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսնելիք Իշխանին առաջին գիրքը պիտի ըլլայ պատանիներու համար վէպ մը։ Պիտի ըսէ պատմութիւնը 17 տարեկան Լոս Անճելըսցի տղու մը, որ անհամբեր է դուրս գալու իր համայնքի սահմաններէն՝ աշխարհը փորձընկալելու – եւ թերեւս նոյնիսկ օգնել փոխելու զայն։

Tamar

Dr. Tamar M. Boyadjian

Դոկտ. Թամար Մ. Պօյաճեանը հեղինակ, թարգմանիչ եւ խմբագիր է։ Ան կը դասաւանդէ ու կը գրէ նախարդի միջերկրականեան աշխարհին մասին, վտանգուած լեզուներու եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի գրական կիրարկման, պահպանման եւ թարգմանութեան մասին, ինչպէս նաեւ հայ գրական պատմութեան մէջ կին գրողներու դերին մասին։ Պօյաճեան գլխաւոր խմբագիրն է Journal of the Society for Armenian Studies հանդէսին։

Թամարին առաջին գիրքը, որ լոյս պիտի տեսնէ Արփի Հրատարակչատունէն, պիտի ըլլայ դիւցազներգական վիպաշարքի մը անդրանիկ հատորը։ Պատմութիւնը տեղի կ՚ունենայ եօթը թագաւորութիւններէ կազմուած դիցաբանական աշխարհի մը մէջ, ուր որբ աղջիկ մը եւ իր եղբայրը վիրաւոր զինուոր մը Լուսինեանց ամրոցը փոխադրելէ ետք, կ՚ընդունին մարտահրաւէր մը՝ վիշապի մը մօտ պահուած ուժի առարկայ մը ձեռք անցընելու։

Avedis Hadjian

Ծնած է Հալէպ, Սուրիա, 1968-ին։ Գրող եւ լրագրող է։ Որպէս խմբագիր աշխատած է Պուէնոս Այրէսի La Prensa օրաթերթին մէջ, ապա փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր աշխատած է CNN-ի, Bloomberg News-ի եւ The Wall Street Journal-ի համար, ինչպէս նաեւ աշխատակցած է՝ Los Angeles Times-ի ու International Business Times-ի եւ Le Monde Diplomatique-ի, Hyperallergic-ի եւ The Christian Science Monitor-ի համար։ Լրագրութիւն ուսանած է Պուէնոս Այրէսի մէջ։ Աւարտած է նաեւ Անգլիոյ Քեմբրիջ համալսարանի Միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքը։ Ապրիլ 2018-ին լոյս տեսաւ Secret Nation: The Hidden Armenians of Turkey (ԳԱՂՏՆԻ ԱԶԳ՝ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԹԱՔՈՒՆ ՀԱՅԵՐԸ, I.B. Tauris – Bloomsbury, Լոնտոն եւ Նիւ Եորք), բռնագրաւուած հայրենիքի հայորդիներու հանդիպումներուն մասին հատորը։ Կը բնակի Վենետիկ։

Աւետիսին առաջին գիրքը Արփի Հրատարակչութեան համար վէպ մըն է երեք գերիներու մասին, որ կը յայտնուին Վենետիկի Արսէնալէին՝ քաղաքին պատմական նաւարանը, միջնադարեան նաւու մը մէջ։ Իրենց խօսած անհասկնալի լեզուն եւ Կաթողիկոսէն խորհրդաւոր նամակ մը, որ կը կրեն եւ պէտք է յանձնեն Պապին, ոստիկանութեան եւ մասնագէտներուն կը զարմացնեն։ Կը դիմեն Սուրբ Ղազարի Հայոց կղզիի Հայր Խաչատուրին, որ առեղծուածը լուծելու օգնէ։

Avedis Hadjian
Կ՚ուզէ՞ք գիտնալ թէ ե՞րբ լոյս պիտի տեսնեն առաջին հատորները
Ոգի ի բռին կ՚աշխատինք գիրքերու մեր առաջին շարքը հրատարակելու։ Արձանագրուեցէք ստորեւ՝ հրատարակութենէն ետք զանոնք անյապաղ ստանալու համար։