Բարի եկաք Արփի Հրատարակչատուն։
Լոս Անճելըս հիմնուած՝ մենք կը հրատարակենք

ՀԱՅԱԼԵԶՈՒ

գիրքեր՝

մանուկ եւ պատանի ընթերցողներու համար։

ՄԻԱՑԷՔ ՄԵԶԻ

ՏԵՂ ԳՐԱՒԵՑԷՔ ՄԵՐ ՑԱՆԿԻՆ ՎՐԱՅ
Արձանագրուեցէք՝ Արփի Հրատարակչութեան նոր գիրքերէն եւ յատուկ զեղչերէն տեղեակ մնալու համար։
about-authors-link
ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ ԵՒ ԳԾԱԳՐԻՉՆԵՐ
Ձեր անտիպ ստեղծագործութիւնը ուղարկեցէք՝ հնարաւոր հրատարակութեան համար։

ԴՊՐՈՑՆԵՐ ԵՒ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐ

Դիմեցէք մեզի՝ Արփի Հրատարակչատան գիրքերը լոյս տեսնելէ անմիջապէս ետք ստանալու համար։

ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՆԵՐ

Տուրքէ զերծ նուիրատուութիւն կատարեցէք։ Հրատարակչատունս ոչ-շահամէտ՝ 501(c)(3) կազմակերպութիւն է։

ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԵՆՔ ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ
ՀԱՃՈՅՔՆ ՈՒ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆԸ

Մեր տեսլականն է մեծապէս ընդարձակել թիւը հայ հեղինակներու, խմբագիրներու, թարգմանիչներու, եւ երիտասարդ ընթերցողներու՝ հրատարակելով հայերէն լեզուով (արեւմտահայերէն տարբերակ) ստեղծուած մանկապատանեկան երկեր։ Կը փնտռենք այսօրուան երիտասարդութեան համար առնչելի նիւթերով նոր, հետաքրքրաշարժ, եւ ժամանակակից գործեր, ստեղծուած՝ հետեւեալ գրական սեռերուն համար:

Պատկերագիրք

ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՈՒ
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ պատմութիւններ

Գծագրավէպեր
Ոչ-գեղարուեստական գրականութիւն
ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
Մեր խորհրդատու մարմինը կազմուած է մասնագէտներէ, ներառեալ Քալիֆորնիոյ Համալսարանէն ներս արեւմտահայերէնի երեք դասախօսներ (Լոս Անճելըս, Ըրվայն, Պըրքլի), պատմաբան մը, տեսողական արուեստագէտ մը, հայերէնի մանկավարժ մը, եւ գրող-խմբագիր-թարգմանիչ մը։
Կ՚ուզէ՞ք գիտնալ թէ ե՞րբ լոյս պիտի տեսնեն առաջին հատորները
Ոգի ի բռին կ՚աշխատինք գիրքերու մեր առաջին շարքը հրատարակելու։ Արձանագրուեցէք ստորեւ՝ հրատարակութենէն ետք զանոնք անյապաղ ստանալու համար։
“Լեզուն մշակոյթի մը ուղեքարտէսն է։ Կ՚ըսէ թէ ուրկէ՞ կու գան զայն խօսողները եւ դէպի ո՞ւր կ՚երթան։”
– ՌԻԹԱ ՄԷՅ ՊՐԱՈՒՆ

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐԸ

Նկատի ունենալով արեւմտահայ աշխոյժ, ժամանակակից գրական աւանդոյթի մը կարեւորութիւնը հայ մշակոյթի շարունակական կենսունակութեան համար, մեր առաքելութիւնն է ներգրաւել հեղինակներ ու գիրք նկարազարդողներ, որպէսզի ստեղծեն արեւմտահայերէն ինքնագիր գործեր՝ երեխաներու, պատանիներու, ու երիտասարդներու համար:

UNESCO-ն արեւմտահայերէնը դասած է իբրեւ «որոշապէս վտանգուած» լեզու մը։ Լեզուի մը կենսունակութեան վնասող գլխաւոր գործօններէն մէկը, ըստ UNESCO-ին, բաւականաչափ արտադրուող նոր գրականութեան պակասն է։

Եւ եթէ UNESCO-ի այս դասակարգումը ինքնին կրնայ բաւարար պատճառ հանդիսանալ՝ հրատապօրէն լուծում մը փնտռելու, Արփի Հրատարակչատան նպատակները կը ձգտին զուտ լեզուական պահպանումէ անդին, ընդգրկելով տեսլական մը ստեղծիչ գործունէութեան, որ պիտի կարենայ բոցավառել դեռատի ու երիտասարդ ընթերցողներու երեւակայութիւնը, նպաստել արեւմտահայ գրագիտութեան ու ուսման, եւ, վերջին հաշուով, սատարել լեզուին ու անոր պատկանած մշակոյթին կենսաւէտութեան ու առոյգութեան։